ՇԻՇԼԻԻ ՁՄՐԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐԸ ՎԵՐՋԱՑԱՆ
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձմրան դասընթացքները եզրափակուեցան՝ արդիւնաւէտ աշխատանքային շրջանէ մը վերջ։
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձմրան դասընթացքները եզրափակուեցան՝ արդիւնաւէտ աշխատանքային շրջանէ մը վերջ։
Երէկ, Գարակէօզեան Տան մարզասրահի երդիքին տակ սկսաւ «Ռուբէն Սէմէրճեան» պասքեթպոլի մրցաշարքը։ Այս տարի 30-րդ անգամ կը կազմակերպուի այս միջմիութենական ձեռնարկը, որով կենդանի կը պահուի նաեւ՝ Թուրքիոյ մէջ պասքեթպոլի ռահվիրաներէն հոգելոյս Ռուբէն Սէմէրճեանի յիշատակը։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական հանդիսութիւն մը, որ մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ։ Ուսուցչական կազմը վերահսկած էր՝ աշակերտներու կողմէ գործադրուած ծրագրին պատրաստութիւնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր հրաւիրուած է մայրաքաղաք Անգարա՝ մասնակցելու համար Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի երդման արարողութեան։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի յարգուած եւ համակրանքի առարկայ դարձած վարչայիններէն Գէորգ Չաղլըչուպուքճու։ Ուղեղային խռնում մը անցուցած ըլլալով ան միջոցէ մը ի վեր կը գտնուէր դարմանման տակ։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը երէկ պաշտօնապէս հրապարակեց Էսաեան վարժարանի նոր տնօրէնուհիներուն անունները։ Այսպէս, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան հաղորդեց, որ յառաջիկայ կրթական շրջանէն սկսեալ լիսէի բաժնի տնօրէնուհին պիտի ըլլայ Տենչա Չընար, իսկ միջնակարգի բաժնինը՝ Առլին Եշիլթեփէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Պատրիարքարանի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ մէջ մէկտեղուեցաւ համայնքային վարժարաններու 8-րդ դասարաններու աշակերտներուն հետ, որոնք եւս այս կիրակի պիտի մասնակցին լիսէներու մտից քննութեան (LGS)։
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի 2022-2023 կրթական շրջանի փակման առթիւ կազմակերպուած «Երգ, պար եւ թատերախաղ»ի փառատօնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց աղէտեալներու օժանդակութեան ենթայանձնախումբի ներկայացուցիչները, որոնք կ՚աշխատին Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի հովանաւորութեան ներքեւ։