Թրքահայ կեանք

ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ վերջերս հրատարակուած «Անի» գիրքին հեղինակը՝ Վետաթ Աքչայէօզն ու ՀԱՅՃԱՐ-ի վարչութեան ատենապետուհի Կիւլիւզար Արթուչը։ Վետաթ Աքչայէօզ, որ Կարս քաղաքէն է, ուսումնասիրութիւններ ունի պատմական Անի քաղաքի մասին եւ իր ծով պաշարը ցոլացուցած է այս նոր գիրքով։

ԳՈՂԹԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ

Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբը վերջին օրերուն նշեց իր հիմնադրութեան տարեդարձը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններ տեղի ունեցան դպրաց դասու հիմնադրութեան 109-րդ տարեդարձին առթիւ։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՆ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԿՈՂՄԷ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարօ Վարժապետեանը եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Սարգիս Աւագ Քահանայ Գույումճեան։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Նազլը Տանաճըօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։

ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըքը, որ այցելեց Հայաստան։

ՓԱՅԼՈՒՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄ

Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու իրաւունք շահեցաւ Կապոյտ ցանկը:
Համայնքը ամուր կամք արտայայտեց, որպէսզի այլեւս գայթակղութիւններու եւ վիճելի քայլերու էջը վերջապէս շրջուի:

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՎԱՆԱՏԱՆ ԵՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐ ՄԱՐՄՆԻ ՂԵԿԸ ՍՏԱՆՁՆԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՇԱՀԵՑԱՆ ԿԱՊՈՅՏ ՑՈՒՑԱԿԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ

Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը շաբաթավերջին քուէատուփի մօտ փութաց՝ իր հաստատութիւններուն նոր մատակարար մարմինները ընտրելու համար։ Այսպէս, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան եւ վարժարանի նոր մատակարար մարմինն ալ յառաջիկայ շրջանին պաշտօնի պիտի կոչուի՝ երէկուան ընտրութեան արդիւնքին հիման վրայ։

ՇԻՇԼԻԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԵՒ ՎՈԼԷՅՊՈԼԻ ԽՈՒՄԲԵՐԸ ԿԸ ԲԱՂԿԱՆԱՆ ԱԿՈՒՄԲԷՆ ՀԱՍԱԾ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԷ

Շիշլի մարզակումբէն այս օրերուն դարձեալ դրական լուրեր կը հասնին։ Այսպէս, ի շարունակութիւն ակումբի վարչութեան հետեւողական ջանքերուն՝ Շիշլիի պասքեթպոլի եւ վոլէյպոլի կազմերը կը բաղկանան ակումբէն հասած մարզիկներէ։

ՎԱՂԸ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան գործընթացէն ներս վաղը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան եւ վարժարանի մատակարար մարմնի ընտրութիւնը։ Սպիտակ եւ Կապոյտ ցուցակները ընտրապայքարի մէջ են այս մատակարար մարմնի ղեկը ստանձնելու համար։

Էջեր