Թրքահայ կեանք

ԱՐՓԻ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻՆ Ի ՊԱՏԻՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԸՆԹՐԻՔ

Համայնքային վարժարաններու այժմու կամ վաստակեալ խումբ մը տնօրէններ վերջերս ընթրիք մը կազմակերպեցին՝ ի պատիւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի նախկին տնօրէնուհի Արփի Մանուկեանի։ Ծանօթ է, որ Արփի Մանուկեան բազմամեայ պաշտօնավարութենէն վերջ հերթը փոխանցած էր դպրոցի այժմու տնօրէնուհիին՝ Սեսիլ Նարօտ Քարահիսարիտիսին։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻ ՍԱՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳ

Մխիթարեան վարժարանի երգչախումբը նախընթաց երեկոյեան մասնակցեցաւ՝ Աւստրիոյ աւագ հիւպատոսութեան Մշակոյթի կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած Ս. Ծննդեան աւանդական համերգին։ Հիւպատոսարանի համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն հետեւեցան կոկիկ թիւով երաժշտասէրներ։

ՎԱՂԸ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ

Համայնքային ընտրութիւններու գործընթացը կը շարունակուի այս շաբաթավերջին։ Վաղը հերթական քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի կազմի վերանորոգման համար։

ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՎԻՊԱԳԻՐ ՍԱՄՈՒԷԼ ՄՀԵՐԵԱՆ ՄԵՐ ՄԷՋ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Երեւանէն վիպագիր Սամուէլ Մհերեանը, որուն կ՚ընկերանար մեր համայնքէն Նշան Կիւրեղ։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին Սամուէլ Մհերեան մեզի յայտնեց, որ մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ է, այժմ արհեստով կը զբաղի եւ ժամանակ կը յատկացնէ նաեւ գրական ստեղծագործութիւններու։

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՔԷՐՄԷՍ

Մխիթարեան վարժարանին մէջ այս առաւօտ բացուեցաւ՝ Նոր տարուան առթիւ կազմակերպուած աւանդական քէրմէսը։ Ծնողաց միութեան կողմէ դպրոցին ի նպաստ ծրագիր մըն է այս մէկը, որ պսակուեցաւ յաջողութեամբ։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊՈՅԱՃԸԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետ Նազարէթ Էօզսահակեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՉԵԽԻՈՅ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Չեխիոյ աւագ հիւպատոս Ժիրի Չեսթեսքին։ Մօտեցած ըլլալով իր դիւանագիտական առաքելութեան վերջաւորութեան՝ ան հրաժեշտի այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան:

ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՍՏԱՑԱՆ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Գալայճըն եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Էջեր