Թրքահայ կեանք

ԷՅՈՒՊԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արթօ Արմանն ու գործակից ընկերները։ Հիւրերու շարքին էին թէ՛ այժմու թաղականներ եւ թէ՛ յառաջիկայ ընտրութիւններուն թաղականի թեկնածու առաջադրուած դէմքեր։

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Գերմանիոյ աւագ հիւպատոս Եոհաննէս Եկէնպրեխտը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զրոյցի ընթացքին բացատրութիւններ տուաւ Աթոռի պատմութեան, գործունէութեան եւ առաքելութեան շուրջ։

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱՓ

Համայնքային շրջանակները կ՚ողջունեն Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան արդիւնքը:
Սարգիս Չեթինքայա եւ գործակից ընկերները լայնախարիսխ զօրակցութեան առարկայ կը դառնան՝ ժողովրդական ամուր յենարաններով: Նորընտիր կազմը պաշտօնի ձեռնարկելու համար կը սպասէ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան վաւերացման:

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԼԻՍԷԻ ԲԱԺՆԻՆ ՄԷՋ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻ ՀԱՆԴԷՍ

Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի բաժինը Թարգմանչաց տօնին առթիւ կազմակերպեց ձեռնարկ մը։ Օրուան հիւրն էր Զաքարիա Միլտանօղլու, որ մասնագիտութեամբ ճարտարապետ է, նաեւ հայ մամլոյ պատմութեան վերաբերեալ ուսումնասիրական գիրք մը հրատարակած է։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԵՑԱՒ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ ԱՌԹԻՒ

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին համախմբուեցաւ թաղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի ճաշկերոյթին առթիւ։ Սա բառին բուն իմաստով ընտանեկան հաւաքոյթ մըն էր, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու նոյն կազմի սիւներէն Նուրհան Փալաքօղլուն եւ Գարէն Թէրզեանը։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՍԱՐԳԻՍ ՉԵԹԻՆՔԱՅԱՆ

Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հեռաձայնով կապ հաստատեց Սարգիս Չեթինքայայի հետ, որու կողմէ գլխաւորուած Կապոյտ ցուցակը ընտրութեան արդիւնքին հիման վրայ իրաւունք շահած է յառաջիկայ շրջանին Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղ. խորհուրդի ղեկը ստանձնելու

ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՀՈՎԵՐ

Սարգիս Չեթինքայա եւ գործակից ընկերները դրական ու շինիչ պատգամներ կու տան՝ կոչ ուղղելով միասնականութեան ոգիի ու ներդաշնակութեան վերահաստատման նպատակով:
Ամառը հրապարակուած կանոնադրութենէն վերջ, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի կազմի վերանորոգման համար տեղի ունեցած ընտրութիւնը պատմական անկիւնադարձի մը վերածուեցաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, ուր շրջան մը փակուեցաւ եւ նոր էջ մը բացուեցաւ՝ համայնքի հաւաքական հարստութեան տնօրինման ճանապարհին նոր մտայնութեան մը ակնկալութիւններով: Շրջանային համակարգը ապահովեց, որ քուէարկութեան մասնակցի լուրջ զանգուած մը, որու շնորհիւ նորընտիր մատակարար մարմինը ունի ներկայացուցչական բարձր կարողութիւն:

ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԿԱԶՄԻ ՁԵՒԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Համայնքային ընտրութիւններու ներկայ շրջանին Կեդրոնականի ընտանիքը արդէն որոնումներու մէջ է՝ Ղալաթիոյ խնամակալութեան նոր կազմի ձեւաւորման ճանապարհին։ Կեդրոնականի զանազան սերունդներէ սաներ շաբաթավերջին դպրոցին մէջ համախմբուելով խորհրդակցութիւն մը ունեցան յառաջիկայ շրջանի օրակարգին, խնամակալութեան նոր կազմին ու ստեղծման եւ դպրոցի կայուն ընթացքը երաշխաւորելու առաջադրութեամբ։

Էջեր