Թրքահայ կեանք

Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՆԱԽԿԻՆ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՋԵՐՄ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔԻՆ ԱՌԱՐԿԱՅ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան Նիւ Եորքի մէջ անցեալ կիրակի պատարագեց եւ քարոզեց՝ Եունիըն Սիթիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Հարկ է նշել, որ այս եկեղեցին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի ամենահին հայկական եկեղեցիներէն մին է եւ անոր ծուխի անդամներուն մեծամասնութիւնը կը բաղկանայ նախկին պոլսահայերէ։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի հետ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Մայրավանքի համալիրէն ներս հիւրընկալեց Ռուբէն Ռուբինեանը, որ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչն է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս։

ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱԿԻՆ

Շիշլի մարզակումբի ներկայացուցիչները մասնակցութիւն բերին Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած Հանրապետութեան բաժակին։ Մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Աթագիւղի մարմնամարզի համալիրէն ներս։

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՍԱՆԵՐԷՆ ՆԱՅԻՐԱ ՏՈՒՐՍՈՒՆ ԵՒ ՍԵՒԱՆ ՀԱՊԷՇ ԱԽՈՅԵԱՆ ԿԱԶՄԻ ՄԷՋ

Հանրապետութեան նախագահութեան հովանաւորութեան ներքեւ, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան, նաեւ Երիտասարդութեան ու մարմնամարզի նախարարութեան նպաստով Իսթանպուլի մէջ վերջին օրերուն կազմակերպուեցաւ ջրային մարզաձեւերու կարեւոր մրցաշարք մը։ Իսթանպուլի կուսակալութեան համագործակցութեամբ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը, որ երրորդն էր իր նմաններու շարքին։

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը շաբաթավերջին խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 99-րդ տարեդարձը։ Ակումբի դասընթացքներուն մասնակից՝ զանազան սերունդներէ մարզիկները համակուած էին տօնական ուրախութեամբ:

«ԱՌԱՍՊԵԼՆԵՐՈՒՆ ՅԱՐԳԱՆՔ» ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ

Սահակեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Առասպելներուն յարգանք» մինի ֆութպոլի մրցաշարքը վերջին օրերուն արժանացաւ մարզասէրներու հետաքրքրութեան։ 12 խումբ մասնակցեցաւ այս մրցաշարքին, որու կարգադիր յանձնախումբին մաս կազմեցին՝ Զատիկ Սարըեան, Արամ Էվաթօղլու, Կարօ Ինկիլլի եւ Եղիա Չաւիք։

ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԳԻՏԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՏՈՒԱԾ ՄՐՑՈՅԹԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ

Համաճարակի հետեւանքով 2020 թուականին ընդհատուած Միջմիութենական գիտական մրցաշարքը վերջերս իր աւարտին հասաւ Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ կազմակերպուած եզրափակիչ փուլով։

ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը ԴԱՐՁԵԱԼ ԵՒ ՄԻ՛ՇՏ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երբ առողջութեան վատ պայմաններու բերմամբ միջոց մը հեռու մնալու պարտաւորուեցանք ակամայ, մէկ բան մեր միտքը կը զբաղեցնէր. ԺԱՄԱՆԱԿ-ը դարձեա՞լ եւ այո՛, հիմա երբ ԺԱՄԱՆԱԿ դարձեալ է, ապա ուրեմն կը մնայ մեզի ըսել. ԺԱՄԱՆԱԿ-ը մի՛շտ։

ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐԸ ԿԸ ՏԵՍԱԿՑԻՆ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՐԶԱՆՔԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ համայնքային կարգ մը վարժարաններու տնօրէններուն եւ մարզանքի ուսուցիչներուն հետ։ Վարչութիւնը ներկայիս կը նախատեսէ նոր նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ՝ երիտասարդ մարզիկներ հասցնելու ճանապարհին։

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ անդամներէն Մինաս Գաբուսուզը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճուն։ Ներկայ էր նաեւ Ղալաթիոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Էջեր