ԹՈՓԳԱԲՈՒՑԻՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ
Թոփգաբուի ընտանիքը Ամանորը դիմաւորեց Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտներու խանդավառ հանդէսով։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ համախմբեց թաղային խորհուրդի անդամները, դպրոցի տնօրէնուհին եւ ուսուցչական կազմը, յարակից մարմիններու ներկայացուցիչները, աշակերտներու ծնողներ եւ հիւրեր։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՊԷԼԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ներկայ տարեմուտին պիտի այցելէ Երուսաղէմ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գահակալութեան շրջանին առաջին անգամ պիտի մեկնի Սուրբ Քաղաք։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս 2023 թուականին պիտի նշուի յատկանշական յոբելեան մը։ Այսպէս, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը կը նշէ իր 90-ամեակը։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը վառ յոյսերով եւ անկեղծ բարեմաղթութիւններով կ՚ողջունէ 2023 թուականը:
«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայ տարեմուտին հայերէն բանաստեղծութիւններու նոր գիրք մը դրած է հայ գրականութեան համակիրներու տրամադրութեան տակ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի, որ դպրաց դասու նախագահն է։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի աշակերտները վերջին օրերուն յատկանշական պտոյտ մը իրականացուցին։ Այսպէս, դպրոցի Ե. եւ Զ. դասարանները այցելեցին «Պելկրուփ-Քարփեր» գործարանը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «İkinci Adam» հրատարակչութենէն լոյս տեսած է հետաքրքրական գիրք մը, որու հեղինակն է մեր համայնքի երիտասարդ համալսարանականներէն Դալար Ներսէսօղլու։ «Օսմանահայ մամուլին մէջ Յունաստանի դէպի Արեւմտեան Անատոլու գործողութիւնը (1920-1922)» կը կոչուի այս գիրքը, որ Դալար Ներսէսօղլուի տոքթորական թեզն է։