ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի մասնակցութեամբ, շաբաթավերջին Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ՝ վերջին տարիներուն աւանդական դարձած համայնքային վարիչներու քայլարշաւը, որ կազմակերպուած էր Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ։
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ, շաբաթավերջին, Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի մրցաշարք մը, որ կազմակերպուած էր ի զօրակցութիւն Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին։
Կղզիի բարձունքին ամրան շրջանին կը շարունակուին գեղարուեստական գործունէութիւնները։ Երէկ երեկոյեան հերթական ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։
Խոր ցաւով վերահասու դարձանք, որ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն՝ Սօնա Սարուխանեան։
Շիշլի մարզակումբը ճատրակի մրցաշարք մը կազմակերպած է ի նպաստ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին։ Այս նախաձեռնութեան գծով մարզակումբին հետ համագործակցած է Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Գնալը կղզիի յունաց Մեթամորֆոսիս վանքը, ուր մասնակցեցաւ Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պայծառակերպութեան տաղաւարի տօնակատարութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ։
Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ Եշիլգիւղի վարժարանի տնօրէնուհի նշանակուած է Տիլարա Ներկիզ Շապճեան։
Գնալը կղզիի յունաց վանքի ամրան ճամբարը արդէն կը նշէ իր հիմնադրութեան 65-ամեակը։ Երէկ երեկոյեան, այս յոբելեանին առթիւ, պատմական վանքի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ մշակութային ձեռնարկ մը, որ անցաւխնադավառ մթնոլորտի մը մէջ։
Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ, գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան Մալաթիա այցելեց՝ Պայծառակերպութեան տօնին առթիւ։ Մալաթիոյ մէջ իր մասնակցութեամբ երկու արարողութիւն տեղի ունեցաւ։