ՍԱՆԱՍԱՐԵԱՆ ԽԱՆԻ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԴԱՏԱՎՃԻՌ
Սիրքէճիի պատմական Սանասարեան խանի սեփանակութեան իրաւունքին շուրջ Սահմանադրական ատեանը արձակեց պատմական վճիռ մը։ Այսպէս, բարձրագոյն դատարանը յանգեցաւ այն եզրակացութեան, թէ սեփականութեան իրաւունքի խախտում տեղի ունեցած է։
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէքը։ Թէ՛ որպէս վարչային, թէ՛ որպէս արհեստաւոր եւ թէ որպէս բարերար ան տասնամեակներէ ի վեր կարեւոր ներդրում կը բերէ մեր հաւաքական կեանքին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Խասգիւղի երբեմնի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Չավուշեանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
«Աբրահամ 1882» պատմական հաստատութիւնը երէկ մասնաւոր հաւաքոյթով մը նշեց իր հիմնադրութեան 140-ամեակը:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան եւ վարժարանի մատակարար մարմնի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Սպիտակ խումբի ներկայացուցիչները՝ Նաթալի Յովհաննէսեանը, Արսէն Գովանն ու Արտա Պաքլաճըօղլուն։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ երէկ զարդարուեցաւ Կաղանդի տօնածառը։ Վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացով՝ եկեղեցի այցելեցին թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը սաներ։
Ամանորի ընդառաջ վերջին օրերուն Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը։ Երկօրեայ ծրագիր մըն էր այս մէկը, որ առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։
Պէյօղլուի Սուրբ Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած՝ հեղինակաւոր դէմքերէ բաղկացեալ խմբաւորում մը:
Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ անցեալ կիրակի տեղի ունեցաւ յատկանշական իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Ատըեամանցի բարեսէր հայերու մշակոյթի եւ զօրակցութեան միութեան նախագահ Սատըք Պաքըրճըօղլուի ջանքերով կազմակերպուեցաւ Սուրբ Մկրտութեան խորհրդակատարութիւն մը, որով Թուրան Չէչէն եւ իր դուստրը՝ Տիճլէ Չէչէն մկրտուեցան Հայ Եկեղեցւոյ աւազանէն եւ դրոշմուեցան սրբալոյս միւռոնով։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց երգչախումբը երէկ մասնակցութիւն բերաւ այս տարուան «Երգչախումբերու մարաթոն»ին։ «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երգչախումբը հանդէս եկաւ խմբավար Սիպիլ Արսէնեանի մականին ներքեւ։