ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն, որուն կ՚ընկերանային խնամակալութեան սիւներէն Վարդավառ Ճավաքն ու Մինաս Գաբուսուզը։ Անոնք այցելութեան փութացած էին՝ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան ընդառաջ։
Թարգմանչաց տօնի շրջանին Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որուն հրաւիրուած էր դպրոցի սաներէն Արփէն Չընար, որ համացանցի աշխարհէն ներս վերջերս ուշագրաւ ձեռքբերումներ կ՚ունենայ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան մասնակցելիք Նարնջագոյն ցուցակի թեկնածուները։
Կեդրոնական վարժարանի շէնքի հրդեհի աստիճանները վերջերս վերանորոգուեցան՝ ի յիշատակ Եւա Սանթալուի։ Ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ ճարտարապետ Ժան Կավրիլոֆի կողմէ։
Մալաթիացի հայերու հայրենակցական միութիւնը՝ «Մալաթիա Հայտեր» շաբաթավերջին ընթրիք մը կազմակերպեց Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն վերադարձաւ իր Աթոռը։ Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ շաբաթէ մը ի վեր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կը գտնուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր մասնակցութիւն բերաւ՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին բարձր նախագահութեամբ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած նստաշրջանին։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, «Սիւլէյման Սեպա» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ անգլերէնով հանդիսութիւն մը, որ կազմակերպուած էր դպրոցի անգլերէնի ուսուցիչներուն կողմէ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սաները վերջերս Թարգմանչաց տօնին ձօնուած հանդէս մը իրականացուցին թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ։ Հոկտեմբեր ամսուան տեւողութեան տղաքը Հայ մշակոյթի եւ Գիրերու գիւտի վերաբերեալ զանազան աշխատութիւններու հետեւած էին։
Պէյօղլուի «Եափը քրետի» մշակոյթի ու գեղարուեստի կեդրոնի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ եզակի հաւաքոյթ մը:
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր համակրելի մեներգիչներէն Պարթեւ Կարեանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին ան մեզի տուաւ լաւ լուրեր, որոնք աւետիսի մը համազօր կը նկատուին մեր երաժշտասէրներուն եւ Պարթեւի համակիրներուն տեսակէտէ։