Թրքահայ կեանք

ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՆՑ ՈԳԵՒՈՐ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանէն ներս խանդավառութիւնը արդէն հասած է գագաթնակէտին։ Խնամատար մարմնի եւ տնօրէնութեան ծրագիրները աստիճանաբար կեանքի կը կոչուին՝ զանազան առիթներով համախմբելով նաեւ Կազդուրման կայանի սաներն ու մեր համայնքի կղզեբնակ տղաքը։

ՊՍԱԿԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Լուիզա Քուրումազ եւ Տիգրան Պեսքիսիզեան շաբաթավերջին արժանացան Սուրբ Պսակի բերկրանքին։ Խորհրդակատարութեան նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ նորապսակ ամոլին ուղղեալ խրատական մըն ալ խօսեցաւ։

ERVAB-Ի ԵՐԷԿՈՒԱՆ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԺՈՂՈՎԸ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՀՈՒՆ ՅԵՏԱՁԳՈՒԵՑԱՒ

Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) երէկ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ նախատեսուած ժողովը վերջին պահուն յետաձգուեցաւ։ Հակառակ ամրան արձակուրդին, այս շրջանին համայնքային կեանքէն ներս վարչական եռուզեռը աւելցած է՝ հաշուի առնելով, որ շուրջ տասն տարուան սպասումէ մը վերջ արդէն պաշտօնապէս հրապարակուած է փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնը, ըստ որու յետաձգեալ բոլոր ընտրութիւնները պէտք է իրականացուին մինչեւ տարեվերջ։

ԱՅԳՈՒՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԵՑԱՒ ՌՈՊԵՐԹ ՔՈԼԷՃ

Եշիլգիւղի վարժարանի շրջանաւարտներէն Այգուն Անդրանիկ Ներսէսեան, որ լիսէներու մտից քննութեան մէջ բացառիկ յաջողութիւն մը արձանագրած էր, արդէն արձանագրուած է Ռոպերթ քոլէճ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, LGS-ի մէջ ան ապահոված էր հնարաւոր առաւելագոյնը՝ 500 նիշ ու դասուած՝ Թուրքիոյ առաջիններու շարքին։

ERVAB-Ի ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) այսօր ժողով մը կը գումարէ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Անցեալ երկուշաբթի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցած ժողովի ընթացքին որոշուած էր այսօր խորհրդակցութեան ընդգրկել նորաստեղծ ընտրական մարմինները, որոնք կազմուած են՝ փոքրամասնութեանց վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան հրապարակման զուգահեռ։

ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԵՐԵԿՈՅԹ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ երաժշտական ձեռնարկ մը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Կղզեբնակ հոծ թիւով երաժշտասէրներ մասնակցութիւն բերին այս երեկոյթին, կայանի տղոց եւ պատասխանատուներու առընթեր։

ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս շաբաթավերջին կը նախագահէ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան։ Երէկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց երեկոյեան ժամերգութեան եւ նախատօնակի։

ԱՅԳՈՒՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ LGS-Ի ԱՌԱՋԻՆ

2021-2022 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլը մեծ յաջողութեամբ մը, արդար հպարտութիւնը պարգեւեց պոլսահայ կրթական համակարգին։ Այսպէս, Եշիլգիւղի վարժարանի շրջանաւարտներէն Այգուն Անդրանիկ Ներսէսեան հանդիսացած է լիսէներու մտից քննութեան (LGS) առաջինը։

Էջեր