ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ գործակից ընկերները։ Ատենապետ Էօզֆուրունճու թէեւ համայնքային կեանքէն ներս փորձառու դէմք մըն է, սակայն, այժմ կը գլխաւորէ թաղային խորհուրդի նորընտիր կազմը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց քաղաքիս քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները, որոնք շնորհաւորական այցելութիւններու փութացին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը երէկ համայնքային շրջանակները հիւրընկալեց՝ Տատեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան հանգանակութեան առթիւ:
Թրքահայութիւնը երէկ սրտաբուխ աղօթքներով տօնախմբեց Տիրոջ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան խորախորհուրդ տաղաւարը:
Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա շնորհաւորեց թրքահայութեան Սուրբ Ծնունդը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ Գումգաբուի պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին ընթերցեց կուսակալ Երլիքայայի շնորհաւորականը, ուր բարեմաղթութիւններ հասցէագրուած էին մեր համայնքին։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ Ամանորի առթիւ տեղի ունեցաւ մեծ հաւաքոյթ մը։ Վարչութեան փոխ-ատենապետուհի Ալին Շէնճանի գլխաւորութեամբ կազմակերպուած ընթրիքը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի գատըգիւղցիներ եւ արամեանցիներ համախումբ ձեւով դիմաւորեն Նոր տարին։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցէն ներս Ամանորի շրջանին մասնաւոր խանդավառութեան առիթ դարձաւ՝ Մխիթարեան սանուց միութեան նախաձեռնած «500 ծիծղուն աչք» ծրագիրը, որ այս տարի հերթական անգամ կեանքի կոչուեցաւ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճըն՝ ընկերակցութեամբ Ելիզ Էօղրէթի եւ Քոզէթ Աւանուսի։
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան աւանդական համերգը, որ ամէն տարի կը կազմակերպուի Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ։