ՍԻՄՈՆ ՉԵՔԷՄ ԴԱՏ ԲԱՑԱԾ Է ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԿԱՆՈՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ
Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ դատ բացած է՝ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան համար հաստատուած նոր կանոնադրութեան դէմ։ Ընկերային ցանցերու վրայ այս մասին շրջանառութեան մէջ մտած են զանազան տեղեկութիւններ, որոնց կցուած է նաեւ տեսանիւթ մը, ուր կ՚երեւի Սիմոն Չեքէմի կողմէ դատական իշխանութիւններուն յղուած դիմումնագրի առաջին էջին մէկ մասը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ Տիարպաքըրի մէջ իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ երէց սերունդի գաւառի տիրական ներկայացուցիչներէն Աստղիկ Աթէշ-Պաքըր։ Հանգուցեալը, որ 1930-ին ծնած էր, հարազատ քոյրն է Պատրիարքական Աթոռի երէց միաբան Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, նաեւ մեծ մայրը՝ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի։
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք երգենք, մենք պարենք» համերգաշարի հերթական երեկոյթը։ Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ այս խանդավառ ձեռնարկը, զոր պատուեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էր կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը երէկ երեկոյեան ժողով մը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ, իրաւաբաններու ներկայութեամբ:
ERVAB-ի երէկուան ժողովէն վերջ վերջնականօրէն յստակացուեցան ընտրական մարմիններու կազմերը, ըստ հետեւեալի.
Մխիթարեան վարժարանի 9-րդ դասարանի աշակերտներէն Նարեկ Պալ վերջերս ճատրակի մէջ բացառիկ յաջողութիւն մը արձանագրեց՝ նուաճելով միջազգային մրցաշարքի մը ախոյեանի տիտղոսը։ Այսպէս, անցեալ շաբաթավերջին ան մասնակցեցաւ Թուրքիոյ Ճատրակի դաշնակցութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած մրցաշարքի մը։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի եղանակի պաշտօնական բացման արարողութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի մէջ, ուր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ամառային դասընթացները Գնալը կղզիին մէջ կը շարունակուին ոգեւոր մթնոլորտով։ Ըստ տարիքային դասաւորման ձեւաւորուած խումբերը կը մարզուին՝ փորձառու մարզիչներու հսկողութեան ներքեւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կոչով մը հանդէս եկաւ համայնքային ընտրութիւններու հարցին շուրջ։ Երկար ժամանակէ ի վեր առկախուած ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու վարչական խորհուրդներու ընտրութիւնները իրականացնել կարելի պիտի ըլլայ՝ վերջերս պաշտօնապէս ընդունուած նոր կանոնադրութեամբ։