Թրքահայ կեանք

ՇԻՇԼԻՑԻ ՊԱՏԱՆԻ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ՚ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՆ

Շիշլի մարզակումբի պասքեթպոլի կազմերը վերջին շրջանին կ՚արձանագրեն փայլուն յաջողութիւններ։ Մինչեւ 12 եւ մինչեւ 16 տարեկաններու կազմերը, նաեւ Թուրքիոյ Պասքեթպոլի դաշնակցութեան եւ «Ճունիըր քափ» լիկերուն մասնակից շիշլիցի մարզիկները իսկապէս ապագայ կը խոստանան։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՔԱԼԱՆԹԱՐԻ ՅՈՒՇԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է հայերէն նոր գիրք մը, որու հեղինակն է Վարդուհի Քալանթար։ «Կեդրոնական բանտի կիներու բաժինը» յուշագրութիւնով ներկայացուած են իսկապէս հետաքրքրական ու պատմական նշանակութեամբ վկայութիւններ։

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Պաքըրգիւղի քաղաքապետութեան եւ Պաքըրգիւղի Մշակոյթի կեդրոնի ու ճեմատան նպաստով այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ միջազգային նկարչութեան խառն ցուցահանդէս մը, որ կոչուած է՝ «Եթէ մարդը ուզէ» եւ որ երկրորդն է իր տեսակին մէջ։

ՅԱՆՈՒՆ ՆՈՐ ՅՈՅՍԵՐՈՒ

Պէյօղլուի Սեն թ՚Անթուան կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր համերգ մը, որու յայտագրին մասնակցեցան մեր համայնքէն երկու արժէքաւոր արուեստագիտուհիներ՝ սոփրանօ Գարին Չուպուքճեան-Պոզքուրթ եւ երգեհոնահարուհի Աննա Գէորգեան-Ուղուրլուեան։

ՈՒՐԱԽ ԿԻՐԱԿԻ

Համայնքային շրջանակները երէկ ողջունեցին մեր արժէքաւոր երիտասարդներէն Սերենա Էլվանի եւ Յարութիւն Քուրանի Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ մէջ։

«ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ»Ի ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ

«Աւանդական» պարախումբի անդամները վերջին օրերուն մէկտեղուեցան Գարակէօզեանի համալիրէն ներս։ Դպրոցի «Ձմրան պարտէզ»ին մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթը առիթ դարձաւ, որպէսզի խումբի անդամները իրարու հետ կարօտ յագեցնեն եւ յառաջիկայ ամրան վերաբերեալ ծրագիրները քննարկեն։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀՐԱՒԻՐՈՒԵՑԱՒ ՅՈՒՆԻՍԻ 9-Ի «ԿՈՄԻՏԱՍ» ՔԱՌԵԱԿԻ ՀԱՄԵՐԳԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանն ու ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեանը։ Զրոյցի ընթացքին հիւրերը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր բացատրութիւններ տուին ներկայացուցչութեան հիմնադրութեան 20-ամեակին առթիւ նախատեսուած յոբելենական ձեռնարկին շուրջ։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Խումբը գլխաւորեց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, որ դպրաց դասու նախագահն է։

Էջեր