ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին համար կազմակերպուած տարեկան հանգանակութեան, որ տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։
Հանգուցեալ Թադէոս Կիւնթէրի յիշատակին կազմակերպուած միջմիութենական նարտի մրցաշարքը այս տարի եւս համայնքային շրջանակներէն ներս արժանացաւ մօտիկ հետաքրքրութեան։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի երդիքին տակ Ամանորի ընդառաջ տեղի ունեցաւ աւանդական քէրմէս մը, որ առիթ դարձաւ արտասովոր խանդավառութեան։ Երկօրեայ ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ դպրոցի հոգաբարձութեան ջանքերով։
Համայնքային ընտրութիւններու գործընթացը վաղը պիտի շարունակուի՝ այս անգամ միակ կէտի մը համար։ Այսպէս, ընտրողները քուէատուփի մօտ պիտի փութան Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին նոր կազմը ընտրելու նպատակով։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի իրադարձութիւնները այս շրջանին կը բնորոշուին համայնքային ընտրութիւններու գործընթացով։ Ինչպէս ծանօթ է, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութիւնը այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ՝ յայտնի հանգամանքներու բերումով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, որ միեւնոյն ժամանակ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց ՀԱՅՃԱՐ-ի վարչութեան ատենապետուհի Կիւլիզար Արթուչի կողմէ գլխաւորուած խումբ մը, որուն մաս կազմեցին նաեւ միութեան բարերարներէն Հրաչ Քըրմըզեան եւ գործակիցներէն Վետաթ Աքչայէօզ եւ Փերիհան Եիւճէլ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճըն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
Առանձին ընտրական մարմիններու ինքնագլուխ քայլերը կը վիրաւորեն ամբողջ համայնքին խիղճը:
Özellikle Beyoğlu Üç Horan Kilisesi Vakfı ve Büyükdere Sırpots Hripsimyants Kilisesi Vakfı seçim tertip heyetleriyle ilgili ciddi suistimal ithamları cemaatimizin birinci gündem maddesine dönüşmüştür.