«ԱՐԱՍ»ԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ
«Արաս» հրատարակչութիւնը ընթերցողներու տրամադրութեան տակ դրած է դարձեալ շահեկան ու հետաքրքրական գործ մը, որու հեղինակն է գրող ու ազատ լրագրող Մելինէ Թումանի։ «Թուրքերն ու հայերը. ճանապարհորդութիւն մը հաւանականութիւններու եւ ատելութեան միջեւ» խորագրեալ Մելինէ Թումանիի անգլերէն գիրքի թրքերէն թարգմանութիւնն է այս մէկը։