ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՔԱՐՈԶ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի պետ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, ան քաղաքս եկած էր՝ մասնակցելու համար նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վերջին օծման։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն՝ Հայ Եկեղեցւոյ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Սարգիսեան երէկ պատարագեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, ան քաղաքս եկած էր՝ մասնակցելու համար նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վերջին օծման։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անտիոքի մեր եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանը, որ գաւառի մեր համայնքներու հոգեւոր տեսուչն է միեւնոյն ժամանակ։
ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր յետմիջօրէին ընդունեց խումբ մը եշիլգիւղցի ծնողներն ու իրենց զաւակները։ Այս տղաքը իրենց ընկերներուն հետ համավարակի շրջանին հետեւած էին Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի հեռակայ դրութեամբ աւանդած դասերուն։
Նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան կարգը:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 28 հոկտեմբերի խմբագրականը ահազանգային է: Խնդիրը յայտնապէս դասական մամուլին դիմագրաւած դասական տագնապէն աւելին է: Թերթը յատկապէս՝ համայնքային թերթը, բնականաբար կարեւոր մասամբ կ՚ապրի համայնքային կառոյցներու նեցուկով, աջակցութեամբ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլն ու գործակից ընկերները։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին խնամակալները տեղեկացուցին, որ յաջորդ շաբթուայ մէջ Գարակէօզեանի համալիրէն ներս նախատեսուած է ընդունելութիւն մը, որուն հրաւիրուած է նաեւ Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին։
Տասնեւութնամեայ ժամանակաւ սպասաւորեալ Առաքելական Սրբոյ Եկեղեցւոյս Հայաստանեայց, երբեմնի հոգեւոր հովուին Գնալը կղզիի եւ Ղալաթիոյ սուրբ եկեղեցեաց, այժմու քարոզչին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ, ատենապետին՝ Պատկ. Կրօնական ժողովոյ, դիւանապետին եւ լուսարարապետին Պատրիարքական Աթոռոյ փոխեցաւ առ Աստուած ի յոյս կենացն յաւիտենից ընդ հովանեաւ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի ազգիս հայոց յամին 2021, ի 14ն նոյեմբերի յաւուրն Միաշաբաթի, ի ժամու երեկոյեան, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։ Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցի։