ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց եւ քարոզեց Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագիչն էր Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արամ Սրկ. Պարոնեան եւ այլ դպիրներ։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանը ողջունեց մեծ խանդավառութեամբ։ Թաղի Տատեան վարժարանէն ներս կազմակերպուած հանդէսները դարձան տօնական շրջանի ոգեւորութեան գագաթնակէտերը։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ տաղաւարի առթիւ պատարագեց եւ քարոզեց Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Վերջին ամիսներուն ուսման համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնած հայր սուրբը տօնական այս օրերուն որոշ շրջանի մը համար վերադարձած է քաղաքս։
Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ, երէկ երեկոյեան, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ, «Մեր հայեր» խումբին կողմէ կազմակերպուեցաւ ընթրիք մը, որով ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ մեր հոգեւորականաց դասէն ներկայացուցիչներ։
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ նորոգ վախճանեալ Տ. Տիրան Աւ. Քհնյ. Րէիսեանի յուղարկաւորութեան, վերջին օծման արարողութիւնը, որուն յաջորդեց նաեւ հոգելոյս տէր հօր թաղման կարգը։ Տարեմուտի դրութեամբ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամներուն համար յուզումնալի էր հրաժեշտ տալ իրենց երէց հոգեւոր եղբայրներէն մէկուն, որ վերջին օրերուն հիւանդանոցի մէջ հոգին աւանդած էր՝ շուրջ երկու ամիս խտացեալ խնամքի տակ մնալէ վերջ։
Մեր քահանայից դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան 2022-ի տարեմուտը դիմաւորեց հիւանդանոցի մէջ։ Ան երկար ժամանակէ ի վեր բժշկական խնամքի տակ կը գտնուի։ Թէեւ իր առողջական կացութիւնը անցնող ամիսներուն բաւական բարելաւուած է, սակայն, ան տակաւին հիւանդանոցէն դուրս գալու ի վիճակի չէ։
Էսաեան վարժարանի ընտանիքը բարձր տրամադրութիւնով դիմաւորեց Ամանորը։ Նոր տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որ առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը աւագութեան պատիւ շնորհեց Կրօնական ժողովի ատենապետին:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ պատուեց մեր համայնքի երախտաշատ բարերարներէն Երկանեան ամոլի բնակարանը։ Արէտ եւ Մոնիք Երկանեաններուն տեսակէտէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութիւնը թէ՛ ուրախառիթ եւ թէ օրհնաբեր էր Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօնական շրջանին։