ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԷՅՔՈԶԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու ժրաջան անդամներէն Արէտ Չիչէքէքէրը։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Պատրիարքական Աթոռի հոգելոյս նախկին գահակալը՝ երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան երէկ երեկոյեան ոգեկոչման ու յարգանքի ձեռնարկով մը վերյիշուեցաւ Ֆէրիգիւղի մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ հովանաւորուած հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ «Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ։
Թրքահայ Ուսուցչաց հիմնարկը արդէն հրատարակած է 2022 թուականի օրացոյցը։ Սա հիմնարկի աւանդական նախաձեռնութիւնն է։
TET AJANDA առցանց հարթակին վրայ այսօր երեկոյեան ուղիղ եթերով հարցազրոյցի մը հրաւիրուած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ Յիշեալ հարթակի Instagram-ի հաշիւէն պիտի սփռուի այս զրոյցը, զոր պիտի վարէ Շահնուր Գազանճը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան Տան խնամակալութեան սիւներէն Տանիէլ Անթիքաճեանն ու Յարութիւն Շէշէթեանը։ Յառաջիկայ 21 նոյեմբերին պիտի նշուի Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 155-րդ տարեդարձը։
Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը, որուն զուգահեռ յարակից Տատեան վարժարանին համար տեղի պիտի ունենայ նուիրահաւաք։ Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդէն Մարի Եանճըն եւ Նաիլ Թոփլայըճըն։
Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը այս տարի 28 հոկտեմբերին կը նախատեսէ կազմակերպել Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական նուիրահաւաքը։ Մատաղօրհնութեան պատրաստութիւնները արդէն ընթացքի մէջ են եւ այս շրջանակէն ներս երէկ երեկոյեան Ղալաթիոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժողով մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Լեւոն Շատեանի։ Ներկայ էր նաեւ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։