ՔԱՌԱՍՆԻՑ ԼՐՄԱՆ ԱՌԹԻՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան երէկ ոգեկոչուեցաւ՝ վախճանման քառասնից լրման առթիւ։ Օրուայ սկիզբին ան ոգեկոչուեցաւ՝ իր հասած Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին՝ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ՝ տարեկան անուան տօնախմբութեան ու մատաղօրհնութեան առթիւ։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը նախագահեց Գումգաբուի արարողութիւններուն, որու ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը:
Կը տեղեկանանք, որ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան երէկ ենթարկուած է վիրահատութեան մը։ Արքեպիսկոպոսարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Զեքիեան Գերապայծառի անցուցած գործողութեան պատճառով Ս. Ծնունդի առթիւ Սաքըզաղաճի պաշտօնական աւանդական ընդունելութեան թուականը փոխուած է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց լուսանկարիչ Չեթին Պոսթանօղլուն։ Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ Պատրիարքարանի այս հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան։
Մխիթարեան վարժարանի մէջ երէկ հանդէս մը տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ։ Ներկայ էր նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Պատրիարքարանի դահլիճի երդիքին տակ ընդունեց Պոլսոյ մէջ համայնքի ծիրէն ներս գործող աշխատանքային խումբերու ներկայացուցիչները։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր ի պատիւ ճաշկերոյթ՝ Ֆաթիհի քաղաքապետ Էրկիւն Թուրանի տանտիրութեամբ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ Էքրէմ Իմամօղլուի տանտիրութեամբ կազմակերպուած ընթրիքին:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց տարեկան աւանդական մատաղօրհնութեան, որու զուգահեռ կազմակերպուեցաւ թաղի վարժարանի ի նպաստ հերթական նուիրահաւաքը։ Համավարակի հետեւանքով աշխարհիկ հանդիսութիւն տեղի չունեցաւ։