ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, երէկ, Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի ներկայացուցիչներէն Խաչիկ Ճանէլ եւ Մանուկ Գալայճը այցելութիւն մը տուին Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան ընկերային ծառայութիւններու բաժանմունքի ղեկավար Եավուզ Սալթըքին։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ մեր համայնքէն Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր եւ Արէտ Չաքըճը։
Վերջին օրերուն Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած «212 Photography Istanbul» մեծ ցուցահանդէսը արժանացաւ անմիջական հետաքրքրութեան։ «Պոմոնթիատա» համալիրէն ներս կազմակերպուած էր այս ցուցահանդէսը, որու ընթացքին ներկայացուեցան ծանօթ ու հեղինակաւոր լուսանկարիչներու գործերը։
Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ լրագրող ու բանաստեղծուհի Վերճիհան Զիֆլիօղլու հրատարակած է նոր գիրք մը, որ լոյս տեսած է «Kuzey Işığı» հրատարակչատունէն։ Այս հրատարակչութեան կենսագրական բնոյթով գործերու շարքին մաս կազմած է Վերճիհան Զիֆլիօղլուի գիրքը, որ կը կոչուի «Beni Benimle Bırak & Majak Toşikyan'dan Cenk Taşkan'a»։
Սիւլէյման Սոյլու երէկ երեկոյեան հիւրընկալեց փրոֆ. Թորոս Ալճանն ու Իսհակ Իպրահիմզատեհը:
Ս. Թարգմանչաց տօնը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշուեցաւ Էսաեան վարժարանէն ներս։ Այս առթիւ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որու ծրագիրը եզակի բնոյթ մը ունէր։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց յայտնի իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուն, որ համայնքապատկան կալուածներուն վերաբերեալ խնդիրներուն քաջատեղեակ է ու կը պաշտպանէ մեր զանազան կառոյցներու դատերը։ Հեղինակաւոր փաստաբանը Գումգաբու փութացած էր մեր համայնքէն իր երկու երիտասարդ գործակիցներուն՝ Տալիտա Եոնթանի եւ Առէն Տատըրօղլուի հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքն ու գործակից ընկերները։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցած էր ակումբի ընդհանուր ժողովը, որու ընթացքին պաշտօնի կոչուած էր նոր վարչութիւն մը։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց եշիլգիւղցի խումբ մը գործատէրեր։ Կարապետ Հեմենկիւլ, Յակոբ Սվաճըօղլու, Յովսէփ Արզուման, Մայք Զընկըք, Սիւլէյման Պարլըք եւ Մուրատ Եըլմազ Պատրիարքարան փութացած էին մեր Հոգեւոր Պետին «անցեալ ըլլայ» ըսելու։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ այս շրջանին կը սկսին նոր եղանակի գործունէութիւնները։ Ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի կողմէ գլխաւորուած վարչութիւնը ջանք կը գործադրէ, որպէսզի բազմակողմանի աշխատանքը վերականգնուի միութեան յարկէն ներս։