ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՀԱՅՈՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑՈՅԹԻ ՄԸ ՄԷՋ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Եշիլգիւղի հայոց վարժարանի սաները վերջերս փայլուն յաջողութեան մը հասած են «Robotex Turkey 2021» մրցոյթին մէջ։ Սա ձեռներէցութեան ծրագիրներու միջազգային մրցոյթն է։
Համայնքային շրջանակները կը սգան Գարթալի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետին կորուստը:
Իսլամական աշխարհի Ռամազանի տօնին առթիւ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թերթս կարճ դադար մը կ՚առնէ՝ ապահովելու համար մեր անձնակազմի մահմետական անդամներուն հանգիստը։ Ուստի յառաջիկայ երեք օրերուն թերթս պիտի չհրատարակուի եւ անոր վրայ պիտի գայ աւելնալ շաբաթավերջի ընթացիկ դադարը։
Նախագահ Էրտողան հիւրընկալեց Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները:
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ համայնքի վերջին օրերու հրատապ նիւթերու շուրջ։
Համակրելի մեներգչուհի Նուարդ Աւետիքօղլուի յաջողութիւններու արձագանգները կը շարունակուին։ Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ վերջերս իր մասին դրուատալի եւ ծաւալուն յօդուած մը լոյս տեսած է Պէյրութի «Խօսնակ» պարբերաթերթին մէջ։
Ինչպէս ծանօթ է, յոյն եւ ասորի եկեղեցիները Ս. Յարութեան տաղաւարը կը տօնեն ըստ Հին տոմարի։ Յուլեան տոմարի Ս. Զատիկը այս տարի զուգադիպեցաւ մայիսի 2-ի կիրակիի։ Ըստ աւանդութեան՝ յոյն եկեղեցւոյ տաղաւարի արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ հայ եկեղեցին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքին եւ Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետին միջեւ ծնունդ առած տարակարծութիւնները կը բնորոշեն համայնքային շրջանակներու օրակարգը: Երէկուան հրապարակումներէն վերջ ERVAB-ի հարթակին վրայ շարունակուեցան լարուածութեան ազդեցութիւնները:
BEDROS ŞİRİNOĞLU