ՈՂԲԱՑԵԱԼ ԷՎԱ ՍԱՆԹԱԼՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ԼՐՄԱՆ ԱՌԹԻՒ
Երէկ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ նորոգ հանգուցեալ Էվա Սանթալուի մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Ինչպէս ծանօթ է, Էվա Սանթալուի կորուստը մօտաւոր անցեալին մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։
Շիշլի մարզակումբի ամրան դասընթացները Գնալը կղզիի մէջ կը շարունակուին ամբողջ թափով։ Զանազան տարիքային դասաւորումներու համար նախատեսուած այս դասընթացները ներկայիս ունին բացառիկ նշանակութիւն։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ շաբաթավերջի տհաճ դէպքը երէկ պետական աւագանիի ամենաբարձր մակարդակի վրայ հակազդեցութեան պատճառ դարձաւ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան անընդունելի անպատշաճութիւն մը որակեց այս դէպքը։ Իր խօսքով՝ այս անարգանքը կը համարուի խափանարարութիւն մը՝ մեր միասնականութեան եւ միութեան դէմ։
Յուլիսի 14-ի՝ Ֆրանսայի ազգային տօնին առթիւ երէկ երեկոյեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ քաղաքիս Ֆրանսական պալատին մէջ, Պէյօղլու։ Անգարայի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ եւ Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Օլիվիէ Կովէնի տանտիրութեամբ կազմակերպուեցաւ այս բացօթեայ հաւաքոյթը։
Վարդավառ էր երէկ, Հայ Առաքելական Եկեղեցին նշեց Պայծառակերպութեան տօնը։ Աւանդական տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան մեր եկեղեցիներուն մէջ՝ մանաւանդ, Գնալըի բարձունքին ոգեւորութիւնը շատ բարձր էր եղանակի բերումով։
Երէկ, Վարդավառի տօնին առթիւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան աւանդական տօնակատարութիւններ։ Պայծառակերպութեան տաղաւարի առթիւ պատարագեց տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։
Պոլսահայ կրթական համակարգի առկայ մարտահրաւէրներուն շուրջ քննարկումները երէկ երեկոյեան շարունակուեցան Ֆէրիգիւղի «Ալաճաճեան» սրահին մէջ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ առաւօտ հիւրընկալեց Զեքիեան Գերապայծառը:
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանէն ներս վերաձեռնարկեց աշխատանքի։ Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած երկարատեւ ու ստիպողական դադարէն վերջ, նախընթաց օր համոյթի փորձերը վերսկսան Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրէն ներս։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըի։ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ այցելութիւնը, որու ընթացքին թաղականները Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցւոյ եւ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի գործունէութեանց մասին։