ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ Ս. ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՅ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ ՀՈՒՆԻՆ ՄԷՋ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները կը շարունակուին ամբողջ թափով ու կ՚ընթանան նախատեսուած հունին մէջ։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այս շրջանին վերստին անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնան գաւառի մեր հարստութիւնները։
2021-2022 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ յայտնի դարձած են նաեւ համալսարանի մտից քննութիւններուն արդիւնքները։ Ուրախառիթ է, որ մեր համայնքէն երկու արժէքաւոր երիտասարդներ յաւակնոտ յաջողութիւններ արձանագրած են՝ քննութիւններու միլիոնաւոր մասնակիցներու կարգին մաս կազմելով առաջին 5 հազար յաջողագոյններու շարքին։
Մեր համայնքի երախտաշատ բարերարներէն Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը Հայաստանի մէջ հովանաւորեցին կարեւոր ծրագիր մը, որ ի կատար կ՚ածուի ներկայիս:
Հէյպէլի կղզիի ջրային մարզաձեւերու ակումբը (HSSK) ախոյենութիւն նուաճեց Եւրոպայի մարզական նաւերու առաջնութեան շրջանակին մէջ։ Այս կարեւոր մրցաշարքը տեղի ունեցաւ 23-29 օգոստոս թուականներուն, Իսթանպուլի մէջ։
Քորոնաժահրի համաճարակի ներկայ շրջանին, երբ սահմանափակումներով ու բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ ընկերամշակութային կեանքը վերստին կ՚աշխուժանայ, իր գործունէութեան թափ տուած է նաեւ «Մեր տանիք» խումբը։ Շուրջ 10 տարի առաջ կատարուած նախաձեռնութեան մը պտուղն է «Մեր տանիք» խումբը, որու հիմնադիրը կը համարուի մեր ընկերամշակութային կեանքի յայտնի դէմքերէն Սեւան Աթաօղլու։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ Գնալը կղզիի մէջ կազմակերպուած ամրան դասընթացներուն առընթեր, կը խրախուսուի նաեւ բնապահպանութեան շարժումը։ Այս շրջանակին մէջ, այս տարի երկրորդ անգամ ըլլալով կազմակերպուեցաւ մասնաւոր ձեռնարկ մը՝ «Մեր Գնալը կղզին կը մաքրենք» կարգախօսով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նոր տնօրինութիւն մը ըրաւ՝ գաւառաբնակ մերազն հաւատացեալ ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներու դիմագրաւման համար։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գաւառներու տեսուչ նշանակեց Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պատարագեց՝ «Թաշխորան» մշակոյթի կեդրոնի վերածուած Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ. «Շատ հոգիներ կը ննջեն առանց վայելելու այն ուրախութիւնը, զոր մենք կ՚ապրինք այսօր»:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանէն ներս ամրան շրջանին կազմակերպուած բոլոր աշխատանոցները հասան իրենց աւարտին եւ անոնց մասնակիցները ստացան իրենց վկայականները։
Մալաթիոյ մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ՝ տեղւոյն քաղաքապետութեան կողմէ, որպէս «Թաշխորան» մշակոյթի կեդրոն վերանորոգուած Ս. Երրորդութիւն հայկական պատմական եկեղեցւոյ պաշտօնական բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Ծափողջոյններու ներքեւ հատուեցաւ խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը: