Թրքահայ կեանք

ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանն ու գործակից ընկերները։ Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ այս տարուան հանգանակութիւնը նախատեսուած է դեկտեմբերի 1-ին։

ԳԱԳԻԿ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆԻ ԵՒ ԷՏՎԻՆ ԿԱԼԻՊՕՂԼՈՒԻ ՀԱՄԵՐԳԸ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ համերգ մը, որու ընթացքին հանդէս եկան արժանթինահայ տուտուկահար Գագիկ Գասպարեան եւ մեր համայնքէն Էտվին Կալիպօղլու, որ երգեհոնով նուագակցեցաւ իրեն։

ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթուղիմէոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Քարամանն ու գործակից ընկերը։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։

ՆԱՌԼԸԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

​Երէկ, համայնքային շրջանակները ժամադրուած էին Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի ունեցաւ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց մեր այս գողտրիկ սրբավայրի արարողութիւններուն՝ մինչ իսկապէս բարձր տրամադրութիւն ստեղծուած էր։

«ԱՐԱՍ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ «ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը, որ կազմակերպուած էր «Արաս» հրատարակչութեան նախաձեռնութեամբ։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ AKM-Ի ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԻ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Թաքսիմի «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնին մէջ մասնակցեցաւ գիրքի շնորհանդէսի մը, որու հիւրընկալներն էին Հանրապետութեան  նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժնի պետ փրոֆ. Ֆահրետտին Ալթուն եւ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ։

ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ՝ ողբացեալ Նուպար Համամճեանի յիշատակին ձօնուած ֆութպոլի մրցաշարքը, որ վերածուած է գեղեցիկ աւանդութեան մը։

ԿԱՐԵՒՈՐ ՕՐԱԿԱՐԳ

Համայնքային վարժարաններու վարիչներ ընդունուեցան Իսթանպուլի կրթական տնօրէնին կողմէ:
Հասարակաց քննութիւններու պարագային յառաջիկայ տարիէն սկսեալ նկատի պիտի առնուին հայոց տօներու թուականները:

ԳԱԼՖԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՄՏԱԽԱՂԵՐՈՒ ՄԷՋ

Գալֆաեան տան սաները փայլուն յաջողութիւն արձանագրեցին՝ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան կողմէ կազմակերպուած մտախաղերուն մէջ։ Առաջին երկու հանգրուանները յաջողութեամբ յաղթահարելով՝ անոնք իրաւունք շահեցան աւարտական փուլի բարձրանալու։

Էջեր