ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ ԲՆՈՐՈՇՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջը բնորոշուեցաւ Բարեկենդանի խանդավառութեամբ։ Եկեղեցւոյ երիտասարդաց կազմը փոքրիկներուն համար կազմակերպեց խրախճանք մը, որ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ յարակից «Պալեան» սրահին մէջ։