ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԳԱՒԱՌԱՊԵՏԻ ՍԱՐՔԱԾ ԻՖԹԱՐԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Պէյօղլուի գաւառապետ Ապտուլլահ Աթաքան Աթասոյի կողմէ կազմակերպուած իֆթարի սեղանին, որ տեղի ունեցաւ Կիւմիւշսույուի «CVK Park Bosphorus» պանդոկի համալիրէն ներս։