ԳՆԱԼԸԻ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ ԵՂԱՆԱԿԻ ՓԱԿՄԱՆ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՆԴԷՍ
Երէկ երեկոյեան, Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ մանկանց խանդավառ հանդէս մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ աննախընթաց մթնոլորտ։ Եղանակի փակման հանդիսութիւն մըն էր այս մէկը։ Թէ՛ Կազդուրման կայանի եւ թէ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ներսէսեան դպրաց դասուն նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ամառնային ծրագրերու վերջակէտը դրուեցաւ երէկուան հանդէսով։