Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂ
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր կը մեկնի Վաքըֆլըգիւղ։ Նորին սրբազնութիւնը շաբաթավերջին կը նախագահէ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր կը մեկնի Վաքըֆլըգիւղ։ Նորին սրբազնութիւնը շաբաթավերջին կը նախագահէ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։
Երէկ երեկոյեան, «Արփի» թատերախումբը Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ ներկայացուց «Չարշըլը Արթին աղա» խաղը, որու թատրերգութեան հեղինակն է անմահ երգիծաբան Երուանդ Օտեան։
Բանկալթիի «Նոսթալժի» գրախանութ-սրճարանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ լուսանկարիչ Մուրատ Էզէրի «Իսթանպուլահայերը» գիրքին շնորհանդէսը։ Սոյն ալպոմին մէջ տեղ գտած են Մուրատ Էզէրի ոսպնեակին որսացած աւելի քան հարիւր դրուագները, որոնք կը ցոլացնեն իսթանպուլահայ կեանքի զանազան երեսակները։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Մեւլիւտ Ույսալին:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հիւրընկալուեցաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետին կողմէ, որուն յանձնեց յուշանուէր մը:
«Երեխաները երեխաներու համար» եւ «Մեր պարերը եւ մենք» ծրագրերուն շրջանակներով գործակցութիւն:
Հայաստանէն «Լապտերներ» խումբը քաղաքիս մէջ: Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանէն ներս ծանօթացման հաւաքոյթ:
Այսու կու գանք մերազն համայնքին տեղեկացնել, թէ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ՝ Խորհրդակցական մարմնին առընթեր ստեղծուած է Երիտասարդաց յանձնախումբ մը, որ կը բաղկանայ հետեւեալներէն.
Հայաստանէն Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, որ հիւրաբար կը գտնուի քաղաքս, շաբաթավերջը անցուց Գնալը կղզիի մէջ։ Ան երէկ ներկայ գտնուեցաւ տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տուաւ քարոզ մը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի մտաւորականներէն Պերճ Չալըքման։ Վերջերս ան ենթարկուած էր սրտի գործողութեան մը, սակայն դժբախտաբար չէ կրցած յաղթահարել յետ վիրահատական շրջանի բարդութիւնները եւ աչքերը փակած է կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքն ու սիրելիները։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի շատ սիրուած ու յարգուած անուններէն՝
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանէն սաներ ամրան արձակուրդի շրջանին մեկնեցան Երեւան, ուր ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնէն ներս մասնակցեցան ամրան ճամբարին։ Սա դպրոցի սաներուն տեսակէտէ եզակի հնարաւորութիւն մըն էր, որովհետեւ անոնք համախմբուեցան աշխարհի զանազան անկիւններէն փութացած հարիւրաւոր պատանիներու հետ։