ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ հանգուցեալ վարչայիններէն Տիգրան Սարկաւագեան Արզուեանի յիշատակին ձօնուած ֆութսալի մրցաշարքը այս տարի եւս կ՚արժանանայ մարզասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Վեց խումբերու մասնակցութեամբ տեղի կ՚ունենայ այս մրցաշարքը, որու ծիրէն ներս առաջին հանդիպումները տեղի ունեցան անցեալ Երկուշաբթի։