ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ աւանադական շուքով նշուեցաւ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Ս. Փրկիչ մատրան մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։