ԱԼՃԱՆ 15 ՅՈՒՆՈՒԱՐԻՆ ՊԱՇՏՕՆԸ ՊԻՏԻ ՓՈԽԱՆՑԷ ԼԵՒԻԻՆ
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի գրասենեակի երդիքին տակ յառաջիկայ 15 Յունուարին տեղի պիտի ունենայ հերթի փոփոխութեան արարողութիւն մը։
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի գրասենեակի երդիքին տակ յառաջիկայ 15 Յունուարին տեղի պիտի ունենայ հերթի փոփոխութեան արարողութիւն մը։
Գումգաբուի աղբիւրները պաշտօնապէս արձագանգեցին Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի Երեւանի մէջ սարքած վերջին մամլոյ ասուլիսի յայտարարութիւններուն:
Պատրիարքարանը կ՚ազդարարէ՝ որպէսզի մէկ կողմ թողուին հակաճառութիւնները:
«Եկեղեցական համագումար ժողովը ստիպուած էր զինքը պաշտօնանկ հռչակել, ինչ որ ծայր աստիճան տխրառիթ պարագայ մըն է։ Որպէս ընդհանուր փոխանորդ պաշտօնավարութեան շրջանին ինչո՞ւ ջանք չէ վատնած ընտրութիւն կատարելու եւ արդիւնքի մը հասնելու համար։ Ան պէտք է հեռու մնայ ամուլ քաշքշուքներէ, իր կրած հանգամանքին յարիր ընթացք մը որդեգրէ»:
«Ոմանք» երաժշտական խումբը երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ։ Ներկայիս այս խումբը երաժշտասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Բանալիք» անուանեալ ալպոմ մը եւ երէկուան համերգը հետամուտ էր այդ ալպոմի ծանօթացման նպատակին։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս մասնակցեցան անգլերէն բառախաղի մրցոյթի մը։ «Մարմարա» կրթական հաստատութիւններու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային այս ձեռնարկին մասնակցութիւն բերաւ 156 աշակերտ՝ Իսթանպուլէն 39 վարժարաններու կողմէ։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը հաւաքական զօրակցութեան նկատմամբ անխախտ հաւատարմութեամբ կը դիմաւորէ ամանոր մը եւս՝ անցեալի 185 տարիներու ծով փորձառութեամբ համախմբելով մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերը եւ արդի ժամանակներու բարդ մարտահրաւէրներու խորաթափանց գիտակցութեամբ:
Անխտիր ծառայութեան ճանապարհ:
Հոգաբարձութիւնը լիարժէք համագործակցութիւն կը ծաւալէ համայնքային հաստատութիւններու հետ:
Փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան անընդունելի համարեց՝ ընկերային ցանցերէ ներս Գթութեան յարկին դէմ յառաջ տարուած դիտումնաւոր, տխուր քարոզչական արշաւները:
Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի յիշատակի տօնին առթիւ նախընթաց օր Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ ցաւակցական այցելութիւն մը տուաւ նախկին վարչապետներէն Մեսուտ Եըլմազի, որ վերջերս կորսնցուց իր որդին։
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան նախընթաց օր Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ այցելեց Ֆէնէրի յունաց պատրիարքարանը:
Պէզճեան Մայր վարժարանի սաները յաջողեցան՝ վերջին օրերուն կազմակերպուած միջվարժարանային բառախաղի մը դափնեկիրներու շարքին մաս կազմել։
Մխիթարեան վարժարանի երգչախումբը կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ համերգով մը հանդէս եկաւ Աւստրիական մշակոյթի կեդրոնին նախաձեռնութեամբ։