Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՎԱՂԸ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան վաղը երեկոյեան ելոյթ մը պիտի ունենայ Ֆէրիգիւղի մէջ։ Նորին սրբազնութիւնը մեր համայնքի անդամներու հարցումներուն պիտի պատասխանէ՝ թրքահայ կեանքի զանազան նիւթերուն շուրջ։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ երէկ խանդավառ օր մը ապրուեցաւ՝ շրջանաւարտներու տարեկան հաւաքին առթիւ։ Աւանդական խաւիծի օրը առիթ հանդիսացաւ՝ որպէսզի այս տարի եւս զանազան սերունդներէ մխիթարեանցիներ համախմբուին իրենց դպրոցի երդիքին տակ։
Սամաթիոյ ընտանիքը խանդավառ շաբաթավերջ մը ապրեցաւ՝ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի երէկուան շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ։ Այս առթիւ զանազան սերունդներէ սահակեանցիներ համախմբուելով առիթ հանդիսացան՝ տօնական մթնոլորտի մը ստեղծուելուն։
Պէզճեան Մայր վարժարանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ միջվարժարանային գիտական փառատօն մը, որ 14-րդն է իր տեսակին մէջ։ Մեր համայնքային միջնակարգերէն աշակերտական խումբեր այս գիտական փառատօնին մասնակցութիւն բերին՝ զանազան ծրագրերով։
Թաքսիմ մարզակումբի նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ շահեկան համերգ մը։ Շիշլիի քաղաքապետարանի առընթեր գործող Շիշլիի քաղաքային խորհուրդի հետ համագործակցութեամբ կազմակերպուած էր այս համերգը։
Երէկ, մեր համայնքէն ներս տեղի ունեցան երկու եզակի համերգներ։ Մեծն Կոմիտաս վարդապետին ձօնուած նուագահանդէսները արժանացան անմիջական հետաքրքրութեան։
Երէկ, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի խրախճանք մը։ Միջվարժարանային այս ձեռնարկին մասնակցեցան իւրաքանչիւր համայնքային դպրոցէ երեքական սաներ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները վերջին օրերուն այցելեցին Այվալըք եւ Ճունտա կղզի։ Խումբը գլխաւորեց տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ, որու կողքին էին ուսուցչական կազմէն Երանուհի Պալճը եւ Անիլտա Մենեքշէ։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, Պատրիարքարան այցելեցին դպրոցի Մատակարար մարմնի ատենապետուհի Ռիթա Նուրնուր, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ ու տնօրէն Գարեգին Պարսամեան, սանուց միութեան պատուոյ նախագահ Թագուհի Մաթաթեան, ինչպէս նաեւ տիկնանց կազմէն Անի Քարաքելլէ եւ Մանիշակ Ույկունօղլու։
Մխիթարեան վարժարանի աւարտական դասարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Վիեննա։ Լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեանի գլխաւորութեամբ կազմակերպուեցաւ այս պտոյտը, որմէ խորապէս տպաւորուեցան աշակերտները։