ՏԱՏԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԵԼՈՅԹԻ ՀՐԱՒԻՐԵՑ ՍԵՐՄԻԱՆ ՄԻՏԻԱԹԸ
Տատեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ Ուրբաթ երեկոյեան համանուն վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ հիւրընկալուեցաւ յայտնի արուեստագէտ Սերմիան Միտեաթ։ Ան բեմադրեց իր մէկ հոգինոց խաղը։
Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած տագնապալի կացութիւնը համայնքի թիւ մէկ խնդիրը:
Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ եզակի հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, հաստատութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի յոբելենական շրջանին խնամակալութեան եւ անոր ատենապետին՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլի հովանաւորութեան ներքեւ ծնունդ առած ծրագրի մը առաջին պտուղները ներկայացուեցան դպրոցի աշակերտութեան։
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ Արեւագալի արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ տեղի ունեցաւ արարողութիւնը, որուն ներկայ էին նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան եւ Արման Սրկ. Մարաշլեան։
Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանգուցեալ Թադէոս Կիւնթէրի ի յիշատակ կազմակերպուած նարտի մրցաշարքին աւարտականը։ Այս տարի 23-րդ անգամ կազմակերպուած մրցաշարքը ընթացքի մէջ էր շուրջ մէկուկէս ամիսէ ի վեր։
Շարժանկարի համակիրներու միութեան նախաձեռնութեամբ վերջերս «Շախմատ» Ճատրակի փոքրերու լիկի Պէյօղլուի խմբաւորման մրցումները տեղի ունեցան՝ Շիշլի մարզակումբի մասնակցութեամբ։ Շիշլիի խումբը մրցաշարքի այս փուլի արդիւնքին հանդիսացաւ ախոյեան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի 8-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ։ Հայերէնի փորձառու ու նուիրեալ ուսուցչուհի Հերա Իսքենտէրօղլուի ուղեկցութեամբ անոնք այցելեցին խմբագրատունս։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ֆութսալի մրցաշարքը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Հանգուցեալ Տիգրան Սարկաւագեան-Արզուեանի յիշատակին կազմակերպուած այս երրորդ մրցաշարքը տեւեց 16 շաբաթ։