ՎԱՌ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ
VADİP-ի ձեւաչափին մէջ լայնախարիսխ քննարկում մը տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Պէզճեան սրահի երդիքին տակ՝ համայնքի զանազան խաւերու ներկայացուցիչներուն եւ հաստատութիւններու վարիչներուն մասնակցութեամբ:
Թէեւ ապրուեցան լարուածութիւններ, ֆիզիքական ընդհարումներ ու նոյնիսկ ոստիկանութիւնը փութաց՝ երաշխաւորելու համար
անվտանգութիւնը, սակայն ազատ արտայայտութեան հնարաւորութիւնը ձեռքբերում մը կը համարուի ընդհանուր առմամբ:
Արամ Սրբազան կրնայ հրաժարիլ:
Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանի հրաժարականին զուգահեռ՝ համայնքային շրջանակները լուծում մը կը փնտռեն առկայ ճգնաժամին եւ թափ կը ստանայ պատրիարքական ընտրութեան հարցը:
Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան դատարկած է Պատրիարքարանի սենեակը ու երէկուան դրութեամբ մեկնած՝ Պաքըրգիւղի հօրենական բնակարանը:
Իսթանպուլի երկու սրբազաններուն միջեւ յարաբերութիւնները հունէ դուրս եկան՝ առկայ անցումային շրջանին ստեղծելով նոր մարտահրաւէր մը:
VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին Պետրոս Շիրինօղլու մանրամասնութիւններ փոխանցեց Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի հետ վերջերս Անգարայի մէջ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին։ Ան յայտնեց, թէ մամուլին մէջ ամենայն մանրամասնութեամբ թէեւ հաղորդուած էր զրոյցին բովանդակութիւնը, սակայն յարմար դատած էր նաեւ համայնքի վարիչները լուսաբանել պաշտօնապէս, ուղղակիօրէն։
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան եւ Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Էնկին անցեալ շաբթուան մէջ այց մը տուին Սկիւտարի քաղաքապետ Հիւլմի Թիւրքմէնին։
Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի օրհնութեամբ, առաջնորդութիւնը այս տարի հրատարակած է պատի օրացոյց մը։ Երէկ, Հայ կաթողիկէից արքեպիսկոպոսարանին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր հաւաքոյթ մը, որու նպատակն էր այս պաշտօնական օրացոյցին ծանօթացումը։
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը՝ երէկուան խորհուրդի հերթական նիստի արդիւնքին հաւանութիւն տուաւ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի դիմումին, ինչ որ նոր հորիզոն մը կ՚ուրուագծէ առկայ կարիքներու դիմագրաւման համար: