ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՔԷՐՄԷՍԻ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութենէն Ժանէթ Արծիւեանն ու Թանիա Պալճըն։ Անոնք մեզի տեղեկացուցին, որ Ամանորի ընդառաջ աւանդական քէրմէսի նախապատրաստական աշխատանքները թափով կ՚ընթանան ի նպաստ Մէրամէթճեան վարժարանի։