ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ համայնքային բարերար Վրթանէս Սաաթճըի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Այս առթիւ Գումգաբուի մէջ համախմբուեցան համայնքային հաստատութիւններու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, որոնք փութացած էին արտայայտելու իրենց վերջին յարգանքը։