«ՓՈՔՐԻԿ»Ի ԿՈՂՄԷ ՀԻՒՐԵՐ ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ
«Փոքրիկ» մանկական կայքէջի պատասխանատուներէն Գարօլին Մամիկոնեան, Գարօլին Սարը եւ Սելմա Մելեքեան վերջերս այցելեցին Գալֆաեան Տուն։ Անոնք պաստառի վրայ աշակերտներուն ներկայացուցին կայքէջը, ուր տղոց տրամադրութեան տակ դրուած են դասական առասպելներ, արդի պատմուածքներ եւ այլն։
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցիէն ներս, թաղային խորհուրդին ջանքերով այս տարի եւս կը շարունակուի Մեծ պահոց շրջանի սիրոյ սեղաններու աւանդութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, երկար տարիներէ ի վեր Մեծ պահոց շրջանին Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցիէն ներս մայրամուտին կը սարքուի պահքի սիրոյ սեղան։


Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի թեւակոխած նոր փուլը եւ վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ ձեւաւորուած ենթադրութիւնները՝ հրատապ օրակարգ:
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանէն ներս անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը։ Դպրոցի «Եթքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ եւ ուսուցչաց կազմն ալ բաժնեցին ծրագրի մասնակից՝ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի սաներուն ուրախութիւնը։
Գալֆաեան Տան մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի հանդիսութիւն մը, որու պատրաստութիւնները յառաջ տարուած էին հայերէնի ուսուցչուհի Սիրանոյշ Էօզնիկոլեանի մականին ներքեւ։ Այս առթիւ աշակերտները ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ հաղորդ դարձան այս աւանդութեան։
Ս. Վարդանանց Դպրաց Դասու հիմնադրութեան 108-րդ եւ երգչախումբի կազմութեան 85-րդ կրկնակ տարեդարձները երէկ նշուեցան տօնական բարձր տրամադրութեամբ:
Մխիթարեանի ընտանիքէն բազմաթիւ անդամներ շաբաթավերջին համախմբուեցան յուզումնախառն հաւաքոյթի մը առթիւ։ Այսպէս, մասնաւոր երեկոյթով մը փակուեցան Մխիթարեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին դռները՝ վերանորոգութեան աշխատանքներու համար։