ԿԱԹՈՒԱԾԱՀԱՐ ՎԻՃԱԿ
Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ծագած տագնապը կ՚ուղղորդուի ծով հարցականներով, որոնք կը խորացնեն անորոշութիւնը եւ խոր մտահոգութիւնը:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի համոզմամբ, պէտք է խուսափիլ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը տեղական վէճերու ներքաշելէ: Ժամադրութեան համար միշտ սպասում:
Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանգուցեալ Թադէոս Կիւնթէրի ի յիշատակ կազմակերպուած նարտի մրցաշարքին աւարտականը։ Այս տարի 23-րդ անգամ կազմակերպուած մրցաշարքը ընթացքի մէջ էր շուրջ մէկուկէս ամիսէ ի վեր։
Շարժանկարի համակիրներու միութեան նախաձեռնութեամբ վերջերս «Շախմատ» Ճատրակի փոքրերու լիկի Պէյօղլուի խմբաւորման մրցումները տեղի ունեցան՝ Շիշլի մարզակումբի մասնակցութեամբ։ Շիշլիի խումբը մրցաշարքի այս փուլի արդիւնքին հանդիսացաւ ախոյեան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի 8-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ։ Հայերէնի փորձառու ու նուիրեալ ուսուցչուհի Հերա Իսքենտէրօղլուի ուղեկցութեամբ անոնք այցելեցին խմբագրատունս։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ֆութսալի մրցաշարքը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Հանգուցեալ Տիգրան Սարկաւագեան-Արզուեանի յիշատակին կազմակերպուած այս երրորդ մրցաշարքը տեւեց 16 շաբաթ։
Պատրիարքարանի վերաբերեալ խնդիրները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել համայնքին օրակարգը։ Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր Քէօլնէն նամակ մը ուղարկած էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին եւ փափաք յայտնած էր՝ ունենալ իր կողմէ ժամադրութիւն ապահովելու համար Եկեղեցական համագումարէն օր մը վերջ կուսակալութեան ուղարկուած դիմումնագիրը։
Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ աւարտական եւ մրցանակաբաշխութիւն: