ՆԱՏԻԱ ԿԻՒԼՄԷԶԿԻԼ ՎԱՂԸ ՀՈՂԻՆ ՊԻՏԻ ՅԱՆՁՆՈՒԻ
Համայնքային շրջանակները վերջին օրերուն խոր ցաւ կ՚ապրին Նատիա Կիւլմէզկիլի անժամանակ մահուան հետեւանքով։
Համայնքային շրջանակները վերջին օրերուն խոր ցաւ կ՚ապրին Նատիա Կիւլմէզկիլի անժամանակ մահուան հետեւանքով։
Երէկ երեկոյեան Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ մը։ Կայանի հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելենական շրջանին զուգադիպած յատկանշական երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին ոգեկոչուեցաւ հաստատութեան հիմնադիրը՝ հոգելոյս Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան։
Ոչ եւս է իր մարմնաւորած համեստութեամբ մեր հաւաքական կեանքէն ներս յարգանք ու համակրանք վայելելու ախոյեան դարձած պատուական ու շատ սիրելի դէմք մը՝ Նատիա Կիւլմէզկիլ, որ իր սիրելիներէն հրաժեշտ կ՚առնէ թողլով նուիրականութեան համազօր խնկելի, բարի եւ անթառամ յիշատակ մը:
Համայնքային շրջանակները բարոյական անկեղծ զօրակցութեան զգացումներով կը գօտեպնդեն երախտաշատ բարերար եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլը, որ խոր սուգի մատնուած է իր ամենասիրելի եւ ազնուական կողակցին կորուստով, անողոք հիւանդութեան դէմ մղուած երկարատեւ ու մաշեցուցիչ պայքարի շրջանէ մը վերջ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, 20 Օգոստոս 2016, Ուրբաթ, Էլազըղի կուսակալ Մուրատ Զօրլուօղլուին ուղարկեց ցաւակցական նամակ մը։
Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի նշանակուեցաւ Թալին Նայիր։ Ծանօթ է, որ վերջին տարիներուն բազմավաստակ ու փորձառու կրթական մշակ մը Եղիսաբէթ Չաթանասլան կը վարէր այդ պաշտօնը։ 2015-2016 կրթական շրջանի աւարտին ան որոշած է կոչուիլ հանգստեան՝ բազում տարիներու իր երախտաշատ ու նուիրեալ կրթական գործունէութենէն վերջ։
«Արաս» հրատարակչութիւնը հրատարակած է վերջին տարիներու ամենահետաքրքրական գործերէն մին:
Շուրջ երեքհազարամեայ պատմութեան մը սղագրութիւնը՝ չափազանց մատչելի եւ հրապուրիչ ներկայացմամբ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Սելինա Մանան փայլուն նուաճում մը արձանագրած է համալսարանական մտից քննութիւններու արդիւնքին։ Այսպէս, ան յաջողած է մուտք գործել Իսթանպուլի համալսարանի Ճերրահփաշայի բժշկութեան բաժինը։ Ծանօթ է, որ համալսարանի մտից քննութիւններու դժուարին դրութեան մէջ այս արդիւնքին հասնիլ կը նշանակէ գերազանց մակարդակի մը վրայ գտնուիլ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջերս Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց «Իթիմատ պիւրօ»ի բազմամեայ պատասխանատու Սարգիս Գրիգորեանը։ Հանդիպման ներկայ էին Պատրիարքարանի հաշուապահներէն Հերման Կիւրճիեան եւ Պետրոս Մարզուան։
Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ վերջերս հանդիսաւոր արարողութիւնով մը օծուեցաւ նորակերտ խաչքար մը, որու բացման արարողութեան հանդիսապետեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Արիս Տեմիրի բարերարութեամբ Հայաստանի մէջ պատրաստուած է այս խաչքարը։