ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՐԺՄԱՆ ԱՆՑԱԾ Է «500 ԾԻԾՂՈՒՆ ԱՉՔ» ԾՐԱԳՐԻՆ ՀԱՄԱՐ
Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութիւնը այս տարի եւս նախաձեռնած է «500 ծիծղուն աչք» ծրագրին՝ Ամանորի ընդառաջ։ Թէ՛ վարչութիւնը եւ թէ այս ծրագրին կամաւորներէ բաղկացեալ կարգադիր յանձնախումբը այս տարի եւս բուռն նախապատրաստական աշխատանքի ձեռնարկած են՝ Նոր տարուոյ տօնական շրջանին ուրախութիւն պարգեւելու համար մեր համայնքի փոքրիկներուն։