ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ճատրակի մրցաշարքը այս օրերուն կ՚արժանանայ անմիջական ուշադրութեան։ Արդէն 12-րդ անգամ կը կազմակերպուի այս աւանդական միջվարժարանային մրցաշարքը, որով ստեղծուած է մեծ ու ոգեւոր շարժում մը։