ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՃԱՇԸ
Էսաեան վարժարանի Ծնողաց միութիւնը երէկ ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց Պաքըրգիւղի «Էֆէնտիմ» ճաշարանին մէջ։ Վարժարանի համակիրները այս առթիւ հաճելի ժամանց ունեցան՝ երաժշտական յայտագրի գործադրութեամբ։ Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն մը։
Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան ելոյթ մը ունեցաւ յայտնի արուեստագէտ Արամ Կոստանեան։ Ուսուցչաց օրուան յաջորդ ժամանակաշրջանին, Թըր-քահայ ուսուցչաց հիմնարկի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որ ձօնուած էր մեր կրթական մշակներուն։
Կը տեղեկանանք, որ ներկայ շաբթուան երկրորդ կէսին Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս պիտի ոգեկոչուի անմոռանալի թատերական գործիչ Արթօ Պէրպէրեան։ Յառաջիկայ 1 Դեկտեմբերին Արթօ Պէրպէրեանի մահուան 17-րդ տարելիցը պիտի նշուի եւ այս առթիւ իր հարազատներուն կողմէ նախատեսուած է ծրագիր մը։
Համայնքային շրջանակները զօրակցութիւն ցուցաբերեցին Տատեան վարժարանի նկատմամբ՝ որպէսզի նորակառոյց համալիրէն ներս կրթական գործունէութիւնը շարունակուի ամուր հիմքերու վրայ եւ հարուստ աւանդութիւններով այս հաստատութեան աշխատանքը արգասաւորուի նոր սերունդներ հասցնելու ճանապարհին: Դպրոցի պիւտճէն թէեւ վերջնականօրէն չհաւասարակշռուեցաւ, սակայն գոնէ թթխմոր մը գոյացաւ հրատապ կարիքներու դիմագրաւման համար: Քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու կատարուած յամառ գործը նկատեց օրինակելի ու խոստացաւ յառաջիկային եւս նեցուկ կանգնիլ հնարաւորինս: Նախկին շէնքը վարձու տալու պարագային պիտի ուրուագծուի նիւթական հաւասարակշռութիւնները վերականգնելու հորիզոնը:
Երեւանի «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահի մուտքասրահէն ներս ներկայացուեցան պոլսահայ լուսանկարչին գործերը:
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սաները վերջին շաբաթներուն իրականացուցին շարք մը այցելութիւններ ու պտոյտներ։ Իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեամբ, այս ընկերամշակութային ձեռնարկները տղոց համար դարձան թէ՛ օգտակար եւ թէ հաճելի։
Գալֆաեան Տան սաները նախընթաց օր հանդէս մը իրականացուցին՝ 24 Նոյեմբերի Ուսուցչաց օրուան առթիւ։ Սկիւտարի սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որու յայտագրին շրջագծով տղաքը հանդէս եկան զանազան ելոյթներով։ Անոնք ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող կատարումներով։
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու երիտասարդ կրթական մշակ Արեւիկ Պապայեանը։ Բոլոր անոնք, որոնք Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի կեանքին, մանաւանդ մանկապարտէզի առօրեային տեղեակ են՝ վերջին շրջանին կ՚ողջունեն Արեւիկ Պապայեանի ներկայութիւնը։