ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Արհիապատիւ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Վիճակաւոր Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց, խոր ցաւով կը գուժէ դէպի յաւերժութիւն փոխանցումը թեմիս երկարամեայ եւ վաստակաւոր վիճակաւոր՝
Արհիապատիւ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Վիճակաւոր Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց, խոր ցաւով կը գուժէ դէպի յաւերժութիւն փոխանցումը թեմիս երկարամեայ եւ վաստակաւոր վիճակաւոր՝
Երեւանի մէջ, «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ վերջերս տեղի ունեցաւ պոլսահայ երկու արուեստագէտներու՝ Արթիւր Պաղտասարեանի եւ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի համերգը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին շրջագծով տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ ձօնուած էր Հայաստանի անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանին։
Իսթանպուլի մէջ վերջերս կազմակերպուեցաւ Միջազգային ճատրակի բաց մրցաշարքը։ Մինչեւ տասներկու տարեկաններու դասաւորման մէջ այս մրցաշարքին մասնակցութիւն բերաւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի սաներէն Մասիս Քարա, որ խաղերը առանց պարտութեան աւարտելով բաժնեց երկրորդ կարգը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ թաղի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Կէտիկփաշայի Զուարթնոց Դպրաց Դաս-երգչախումբի նախագահ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան եւ տնօրէն խորհուրդի անդամներ նախընթաց օր այցելեցին Պատրիարքարան։ Նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ 2 Հոկտեմբերին կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով պիտի նշուին դպրաց դասու եւ երգչախումբի կրկնակ տարեդարձները՝ տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչները ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Կը տեղեկանանք, որ «Մարալ» միութեան խումբը յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Հայաստան։ Ուղեւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ 11-15 Սեպտեմբեր թուականներուն։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ:
Ներսէսեան Դպրաց Դասը կենսունակութեամբ յառաջ կը տանի ամրան շրջանի իր գործունէութիւնը՝ նոր ուժերու մասնակցութեամբ:
Յայտնի նկարչուհի Ազնիւ Չոպան այս օրերուն մասնակցութիւն կը բերէ հաւաքական ցուցահանդէսի մը։ Այսպէս, Նշանթաշըի «Իտիլ» գեղարուեստասրահին մէջ բացուած է «Երեւակայել» խորագրեալ ցուցահանդէս մը։
Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին նախաձեռնութեամբ մեծարանքի հաւաքոյթ «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ:
Սկիւտարի ընտանիքը հրաժեշտ կու տայ Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանին՝ բարձր գնահատելով տասնամեայ վաստակին արգասիքները:
Ներկայ աշնանամուտին համայնքային շրջանակները արդէն աշխատանքի ձեռնարկած են 2016-2017 շրջանի սիրոյ սեղաններուն համար։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այս եղանակի առաջին սիրոյ սեղանը պիտի սարքուի ի նպաստ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի։