ԳԱՐՕԼԻՆ ՍԻՍԻ ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ԳՐՈՎ ՎԿԱՅՈՒԵՑԱՒ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր նոր սերունդի կրթական մշակներէն Գարօլին Սիսի Ֆէնէրճեան յաջողութեամբ կը խորացնէ իր մասնագիտութիւնը։ Ան վերջերս աւարտած է «Ետիթեփէ» համալսարանի կրթական գիտութիւններու բաժնի կրթութեան կառավարման ու հակակշռման բաժինը։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ ձեռամբ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան գլխաւորութեամբ շարականագէտ Նշան Սրկ. Չալկըճեանի։
Մեր համայնքի երիցագոյն անդամուհիներէն մին աչքերը փակեց կեանքին:
Երէկ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հիւրընկալեց Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի հոգատար մարմնի ներկայացուցիչները։ Կայանի պատասխանատուները Գումգաբու փութացած էին՝ նկատի ունենալով, որ այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ 2016-ի ամրան շրջանի պաշտօնական բացումը։
Խոր ցաւով վերահասու դարձանք, թէ ներկայ շաբթուան սկիզբին իր մահկանացուն կնքած է Կեդրոնականի ընտանիքի երիցագոյն անդամներէն մին՝ Արման Շիրին, որ իր սերունդի եզակի դէմքերէն մին էր եւ մեծ յարգանք ու համակրանք կը վայելէր ընկերային կեանքէ ներս։ Իր կորուստը խոր ցաւ յառաջացուցած է համայնքային շրջանակներուն մօտ։
Մխիթարեան վարժարանի ընթացաւարտ աշակերտներուն հանդէսը տեղի ունեցաւ դարաւոր կրթօճախի պարտէզին մէջ: Այս տարի վարժարանը կու տար իր 191-րդ պատուաբեր շրջանաւարտները: