ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀՈՒՆՁՔԸ
Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ երեկոյեան հրաժեշտ տուաւ վարժարանի այս տարուան հունձքին։ Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։ Վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացով, դպրոցի ընթացաւարտները Գումգաբուի մէջ համախմբուեցան՝ իրենց վկայականները ստանալու համար։
Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ երեկոյեան ընթրիք մը կազմակերպեց Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի բաժնի այս տարուան հունձքին համար։ Հարկ է նշել, որ 2015-2016 կրթական շրջանին Սահակեան-Նունեան լիսէն ունի քառասուն շրջանաւարտ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի տաղանդաւոր երիտասարդուհիներէն Շիլա Սելին Շիլէլեան վերջերս յաջողութեամբ աւարտած է Իսթանպուլի համալսարանի Կրթական ֆաքիւլթէն։ Դասարանի ուսուցչութեան եւ գիտութեան ուսուցչութեան գծով ան նոյնաժամանակ հետեւած է երկու հիմնական ճիւղի։
Գանտիլլի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին՝ նախագահութեամբ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։ Արարողութեանց մասնակցեցան եկեղեցւոյ այցելու երէց՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան, ուխտաւոր դպիրներ եւ կոկիկ թիւով հաւատացեալ ժողովուրդ։ Եկեղեցւոյ համար սոյն տօնակատարութիւնը յատկանշական էր, քանի որ զանգակները կ՚աւետէին 175-ամեայ աղօթքի տան կենդանութիւնը։