ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿ
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը ներկայիս կ՚ողջունէ իր հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը։ Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յառաջիկայ օրերուն Գարակէօզեան Տան պարտէզին մէջ նախատեսուած է մասնաւոր ձեռնարկ մը՝ որպէսզի համայնքային շրջանակները ըմբոշխնեն այս խանդավառ յոբելեանին, այս յատկանշական հանգրուանին առթած ուրախութիւնը։
Ամերիկահայ յայտնի ուտահար Արա Տինքճեան, որ վերջին օրերուն կը գտնուէր Իսթանպուլի մէջ, նախընթաց օր այցելեց խմբագրատունս։ Ինչպէս ծանօթ է, ան Իսթանպուլ այցելած էր նուագելու համար «Որպէս նուռ» խորագրեալ ցուցահանդէսի բացման ձեռնարկին ընթացքին։