ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇՈՒԹԻՒՆ
Տիարպաքըրի Ս․ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը, որ երկար տարիներէ ետք իրականացած էր թրքահայութեան միացեալ ուժերով, երէկ կատարուած յատուկ հանդէսով մը ստացաւ Եւրոպական Միութեան Մշակութային ժառանգութեան (Europa Nostra) հեղինակաւոր պարգեւը։ 263 անհատներ ու կազմակերպութիւններ դիմած էին ստանալու համար այս հեղինակաւոր մրցանակը, որուն արժանի նկատուած էին սակայն միայն 28-ը։

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մխիթարեան լիսէի տնօրէնուհի Եւա Օրագեանը, որուն կ՚ընկերանար Սելին Գովան։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին Եւա Օրագեան մեզի յայտնեց, թէ Մխիթարեանի ընտանիքը խանդավառութեամբ կը պատրաստուի այս տարուան աւանդական խաւիծի օրուան։