ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ՝ ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ
Էսաեան վարժարանի երդիքին տակ տօնուեցաւ Մայրերու օրը։ Այսպէս, մանկապարտէզի աշակերտները Մայրերու օրուան առթիւ յայտագիր մը պատրաստեցին եւ մեծ խանդավառութեամբ ներկայացուցին իրենց մայրերուն եւ ուսուցչաց կազմին:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մխիթարեան լիսէի տնօրէնուհի Եւա Օրագեանը, որուն կ՚ընկերանար Սելին Գովան։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին Եւա Օրագեան մեզի յայտնեց, թէ Մխիթարեանի ընտանիքը խանդավառութեամբ կը պատրաստուի այս տարուան աւանդական խաւիծի օրուան։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Երուսաղէմ մեկնելէ առաջ այցելութիւն մը տուաւ Հրէից րաբունապետարան, ընկերակցութեամբ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։