ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ
Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Շահին Տօնիկեանի յուղարկաւորութիւնը։ Ծանօթ է, որ հանգուցեալը հայրն է Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի եւ իր կորուստը վերջին օրերուն մեծ ցաւ ստեղծեց համայնքային շրջանակներէն ներս։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի՝ վախճանման տարելիցին առթիւ։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։