Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍԿ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻՆ
Մեծ պահոց շրջանին Արեւագալի հոգեպարար արարողութիւնները կը շարունակուին մեր եկեղեցիներէն ներս։ Այսպէս, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Արեւագալի հոգեզմայլ արարողութեան։



Շիշլի մարզակումբը վերջերս մասնակցութիւն բերաւ պատկերաւոր ճատրակի մրցաշարքի մը կազմակերպման։ «Լիոնս» ակումբի ցանցի Շիշլիի մասնաճիւղին եւ Թուրքիոյ Ճատրակի դաշնակցութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ իրականացաւ շաբաթավերջի այս մրցաշարքը։ Կարգադիր յանձնախումբին մաս կը կազմէին Շիշլի մարզակումբէն Սարվէն Չաքմաք եւ Տիանա Ալթուն։